У нас вы можете посмотреть бесплатно Երկրագունդի Բեւեռներ или скачать в максимальном доступном качестве, видео которое было загружено на ютуб. Для загрузки выберите вариант из формы ниже:
Если кнопки скачивания не
загрузились
НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием видео, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу
страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru
«Ո՞վ է Գիտակը»-ը ծրագրի հովանաւոր՝ Արեւելեան ԱՄՆ-ի Համազգայինի Շրջանային Վարչութիւն ԵՐԿՐԱԳՈՒՆԴԻ ԲԵՒԵՌՆԵՐԸ Հայ մեծ գիտնական Անանիա Շիրակացիի` դեռ 7-րդ դարուն կազմած «Աշխարհացոյց»ին, այսինքն՝ ատլասին կամ քարտէսներու ժողովածուին համաձայն, Երկիրը գնդաձեւ է եւ կը պտտի իր առանցքին շուրջ: Երկրի մակերեւոյթի այն կէտերը, որոնցմէ կ՛անցնի առանցքը, կը կոչուին բեւեռներ: Երկիր մոլորակին վրայ կայ երկու բեւեռ՝ հիւսիսային եւ հարաւային։ Հիւսիսային բեւեռը կը գտնուի մեր մոլորակի հիւսիսային կողմը, անիկա սառոյցէ հսկայ ովկիանոս մըն է, որ կը կոչուի Հիւսիսային Սառուցեալ Ովկիանոս՝ շրջապատուած ցամաքով, որուն 98 տոկոսը սառոյց է։ Հիւսիսային բեւեռին մէջ օդի ջերմաստիճանը -40 աստիճանէն մինչեւ-68 աստիճան է, սակայն, հազարաւոր տարիներէ ի վեր այնտեղ կ՝ապրին մարդիկ, ճերմակ արջեր, փոկեր, հիւսիսային ճնճղուկներ, շատ փոքր չափի ձուկեր եւ խեցգետիններ։ Հիւսիսային բեւեռը սահմաններ ունի՝ ԱՄՆ-ի, Գանատայի Տանիմարքի, Նորվէկիոյ, Ռուսիոյ եւ Իսլանտայի հետ։ Հարաւային բեւեռը կը գտնուի մեր մոլորակի հարաւային կողմը, Հարաւային բեւեռի մէջ օդի ջերմաստիճանը կը հասնի -89 աստիճանի, անոր համար ալ մնայուն բնակիչներ չունի, սակայն տարուան ընթացքին կ՝ունենայ այցելուներ, որոնք կ՝երթան ուսումնասիրութիւններ կատարելու։ Հարաւային բեւեռը կը համարուի ամենամեծ ցամաքամասը՝ կոչուելով Անդարքդիքա, բայց որեւէ երկրի մաս չի կազմեր, որովհետեւ այնտեղ կեանք չկայ, այնտեղ կարելի է հանդիպիլ թեւատներու։ Հարաւային բեւեռը նաեւ աշխարհի ամենամեծ անմարդաբնակ անապատն է եւ կը կոչուի ցուրտ կամ ճերմակ անապատ եւ ամբողջութեամբ շրջապատուած է հինգ ովկիանոսներով։