Русские видео

Сейчас в тренде

Иностранные видео


Скачать с ютуб Դուն եւ Ես Մեր Եղբայրներուն եւ Քոյրերուն Աղօթքներուն Պադասխանը Կրնանք Ըլլալ в хорошем качестве

Դուն եւ Ես Մեր Եղբայրներուն եւ Քոյրերուն Աղօթքներուն Պադասխանը Կրնանք Ըլլալ 4 месяца назад


Если кнопки скачивания не загрузились НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru



Դուն եւ Ես Մեր Եղբայրներուն եւ Քոյրերուն Աղօթքներուն Պադասխանը Կրնանք Ըլլալ

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատրիարք Հայրը քարոզեց եւ բացատրեց օրուան Աւետարանական հատուածը: Մեր Հոգեւոր Պետը ապա ծանրացաւ «Տիրոջ Հոգի»ին վրայ: «Հոգին անտեսանելի է, ազդեցութիւն է, որուն արդիւնքները կարելի է տեսնել մարդ արարածի կեանքին մէջ»: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա ծանրացաւ Ս. Հոգիի վրայ եւ ըսաւ թէ Ան Տէր Յիսուսի վրայ էր, քանի Քրիստոս եկած էր մարդ արարածը փրկելու համար: Ան հրաշներ գործեց, Աստուծոյ խօսքը խօսեցաւ, լուսաւորեց մարդկութիւնը: Այս է, որ կ’ընէ Աստուծոյ Հոգին. կը միացնէ: Երբ Աստուծոյ Հոգին կը սկսի գործել մեր մէջ, մեզ կը միացնէ եւ մենք կը սկսինք հասկնալ մեր շուրջինները: Կը հասկնանք, որ ունինք մեծ ընտանիք մը, որուն համար կրնանք բան մը ընել: Նորին Ամենապատուութիւնը ապա անդրադարձաւ, որ հաւաքուած ենք նաեւ Պէզճեան Մայր Վարժարանի համար՝ անոր պիւտճէի բացը հաւասարակշռելու համար: Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ այս սրբազան հաստատութիւնը տնտեսական օգնութեան կարիք ունի եւ բոլորը հրաւիրեց օժանդակելու այս սուրբ գործին: Քարոզի վերջաւորութեան Պատրիարք Հայրը յիշեցուց Յարութիւն Ամիրա Պէզճեանի օրինակը, որ ունէր Աստուծոյ Հոգին, որով ծառայեց իր կեանքին ընթացքին: Պատմեց Յարութիւն Ամիրայի կատարած մեծ գործը, որուն արդիւնքները մինչեւ այսօր կը վայելենք: Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց ու գնահատեց տեղւոյն Թաղային Խորհուրդը, Պէզճեան Մայր Վարժարանի տնօրէնը, ուսուցչաց կազմը եւ բոլոր ծառայողները, եկեղեցւոյ Գողթան Դպրաց Դաս Երգչախումբը եւ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը: Իսկ ժողովուրդը հրաւիրեց իր նիւթական նպաստը բերելու Պէզճեան Մայր Վարժարանի բարգավաճման համար:

Comments