У нас вы можете посмотреть бесплатно kրon. 1 mas. կրոն -հավատք или скачать в максимальном доступном качестве, видео которое было загружено на ютуб. Для загрузки выберите вариант из формы ниже:
Если кнопки скачивания не
загрузились
НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием видео, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу
страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru
haytnutyun .Սարքի Մուրադյան .ով է ճշմարիտ քրիստոնեան ? Պատասխան. Անօթի՞ ես: Չեմ ըսէր ֆիզիկապէս, այլ անօթի՞ ես կեանքէն աւելին առնելու: Խորքում քո մէջ կա՞յ բան մը, որու համար միշտ անբաւարարուածութեան զգացում մը ունիս: Եթէ այո, գիտցիր, որ Յիսուս է ճամբան: Անիկա ըսաւ. «Ես եմ կենաց հացը. Ան որ ինծի կու գայ, երբեք պիտի չանօթենայ եւ ան որ ինծի կը հաւատայ, պիտի չծարաւի.» (Յովհ. 6.35): Շփոթուա՞ծ ես: Ունի՞ս այն զգացումը, որ երբեք չպիտի կրնաս գտնիլ քո կեանքին ճշմարիտ ուղին եւ նպատակը: Ունի՞ս այն զգացումը, որ մէկը մարած է լոյսը եւ դուն չես կրնար գտնիլ ուրկէ նորէն այն վառես: Եթէ անանք է, Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ աշխարհի լոյսը. Ան որ իմ ետեւէս կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չքալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ.» (Յովհ. 8.12): Երբեւէ ունեցա՞ծ ես զգացումը, թէ ինքզինքդ գոցած ես եւ կեանքը պարզապէս քո քովէդ կ՝անցնի: Փորձա՞ծ ես տարբէր դուռներէն դուրս գալ, որպէս զի բացայայտես, որ անոնց ետեւը միայն անիմաստութիւն եւ պարապութիւն է: Կը փնտրե՞ս այն դուռը, որը քեզի պիտի առաջնորդէ լիարժէք կեանքի մը: Եթէ անանք է, Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ դուռը, եթէ մէկը ինծմէ ներս մտնէ, պիտի փրկուի ու պիտի մտնէ ու ելլէ եւ արօտ գտնէ.» (Յովհ. 10.9): Ունեցա՞ծ ես այն զգացումը, որ ամէնուն կողմէ լքուած ես: Կը խորհի՞ս, որ քո եւ մարդոց միջեւ յարաբերութիւնները մակերեսային եւ անիմաստ են: Ունի՞ս այն զգացումը, որ ամէնը կ'ուզեն քեզի գործածած ըլլան: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, ապա Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ բարի հովիւը. Բարի հովիւը իր կեանքը ոչխարներուն համար կը դնէ: ... Ես եմ բարի հովիւը, կը ճանչնամ իմիններս ու կը ճանցուիմ իմիններէս.» (Յովհ. 10.11,14): Խորհա՞ծ ես, թէ մահէն ետք ի՞նչ կ'ըլլայ: Հոգնա՞ծ ես ապրիլ բաներու համար, որոնք կը փչանան եւ կը ժանգոտին: Երբեւէ խորհա՞ծ ես, որ կեանքը բնաւ իմաստ չունէ: Կ'ուզե՞ս, որ մահէն ետք կեանք ունենաս: Եթէ քո պատասխանը «այո» է, ապա Յիսուս է ճամբան: Անիկա կը յայտարարէ. «Ես եմ յարութիւնն ու կեանքը: Ան որ ինծի կը հաւատայ, թէեւ մեռնի՝ պիտի ապրի. Եւ ան որ կենդանի էու ինծի կը հաւատայ, յաւիտեան պիտի չմեռնի.» (Յովհ. 11.25-26): Ո՞վ է ճամբան: Ո՞րն է ճշմարտութիւնը: Ի՞նչ է կեանքը: Յիսուս կը պատասխանէ. «Ես եմ ճամբան ու ճշմարտութիւնը եւ կեանքը. Մէկը Հօրը քով չի գար՝ եթէ ոչ ինծմով» (Յովհ. 14.6): Անօթիութիւնը, որ կ'զգաս, հոգեւոր է եւ միայն Յիսուսին միջոցաւ կրնաս բաւարարուիլ: Միայն Յիսուս է, որ կրնայ ցրել խաւարը: Յիսուս է դէպի լիարժէք կեանք տանող ճամբան: Յիսուս է այն բարեկամը եւ հովիւը, որուն փնտրած ես: Յիսուս է կեանքը թ՛է այս աշխարհին վրայ, եւ թ՛է անդրերկրայինին մէջ: Յիսուս է փրկութեան ճամբան: «Վասն զի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէս զի ամէն ով որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ.» (Յովհ. 3.16): Հոս կարդացածդ բերա՞ւ քեզի որոշումի մը, որ ընդունես Քրիստոսը: -