У нас вы можете посмотреть бесплатно Haig Utidjian, Ճրագացն օրհնութեան «Լոյս Զուարթ». բնագիրներ եւ եղանակներ, Իւթիւճեան սրահ, 15.1.2025 или скачать в максимальном доступном качестве, видео которое было загружено на ютуб. Для загрузки выберите вариант из формы ниже:
Если кнопки скачивания не
загрузились
НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием видео, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу
страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru
Ճրագացն օրհնութեան «Լոյս Զուարթ». բնագիրներ եւ եղանակներ Lecture in Armenian - The Hymn at the Lighting of the Lamps, Loys Zuart': texts and melodies, by Haig Utidjian Կը դասախօսէ՝ Դր Հայկ Սրկ. Իւթիւճեան, հովանաւորութեամբ Կիպրոսի Կաթողիկոսական փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, կազմակերպութեամբ Կիպրոսի Ազգային Իշխանութեան, Չորեքշաբթի, 15 Յունուար 2025-ին, Ազգային Առաջնորդարանի Վահրամ Իւթիւճեան սրահին մէջ։ «Լոյս զուարթ»ը Հայ Քրիստոնեայ հաւատացելոց սիրելագոյն երգերէն է։ Կը հնչէ ամէն Շաբաթ երեկոյեան կիրակամտից ժամերգութեան, եւ յընթացս Տեառնընդառաջի նախատօնակին եւ Աւագ Ուրբաթու Թաղման Կարգին։ Բառերով եւ երաժշտութեամբ՝ արտասովոր յուզականութեամբ մը օժտուած է ան։ Մեր նպատակն է այս երգին Հայերէն բնագիրներուն տարբերակները ներկայացնել միջնադարեան խազագրութիւններով հանդերձ՝ եւ մեզի հասած եղանակաց հարուստ գանձարանը։ Պիտի քննուին նաեւ Յունական աւանդութեան հետ առնչութիւններ եւ անկէ որոշ զանազանութիւններ։ Երախտապարտ եմ բոլոր այն անհատներուն եւ կազմակերպութեանց որոնք ինծի օգնեցին –. Christian Troelsgård, Maria Alexandru, Alexander Lingas, Eustathios Makris, Մխիթարեան Միաբանութիւն ի Ս. Ղազար եւ ի Վիեննա, Դր Տիգրան Զարգարեան եւ Հայաստանի Ազգային Գրադարան, Փրոֆ. Աբրահամ Տէրեանին որ ծիասական ճրագաց վերաբերող աղբիւրները ուշադրութեանց յանձնելուն համար եւ Դր Կիրակոս Աւ. Սրկ. Լէյլէկեանի իր խրատուց համար. Շահան Արք. Սարգիսեանի՝ Օշնայ Ժամագրոց նկարներուն համար, եւ ներկայ նիւթին մասին ընդարձակ յօդուածս «Հասկ Հայագիտական Տարեգիրք»ին համար իբր երկրորդ ներդրումս ընդունելով. Թեմիս կթղ. փոխանորդ՝ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեանի, Բրշ. Սեպուհ Սրկ. Դաւիթեանի, Կիպրոսի Ազգային Իշխանութեան, թեմիս երեսփոխանական ժողովոյ ատենապետ՝ Տիար Վահան Այնէճեանի, եւ թեմիս Ազգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Սեւակ Կիւրիւնլեանի՝ որ սոյն տեսերիզը ազնուօրէն յատկացուց եւ դասախօսութեանս բոլոր արհեստավարժական երեսակներու նախանձախնդրութեամբ ապահովեց։