У нас вы можете посмотреть бесплатно Հայ գրչագրողք, երգողք ու ձայնագրողք դարերու ընդմէջէն, Իւթիւճեանի Աւստրալիոյ դասախօսութիւն 29.10.2025 или скачать в максимальном доступном качестве, видео которое было загружено на ютуб. Для загрузки выберите вариант из формы ниже:
Если кнопки скачивания не
загрузились
НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием видео, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу
страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru
Մեզի հասած է իսկապէս նախանձելի երաժշտական ժառանգ մը՝ մեր եկեղեցական երաժշտաց բազմադարեան վաստակին շնորհիւ։ Այնուհանդերձ՝ ունինք բազմաթիւ նմոյշներ, որոնց եղանակները լռութեան դատապարտուած են, զի մեր միջնադարեան խազերը մեզի համար անհասկնալի դարձած են։ Դասախօսութիւնս կը սկսի մեր հնագոյն ձեռագրային աղբիւրներէն, հասնելով մինչեւ մեր ամենահետաքրքրական տպագիրներուն։ Ե՞րբ եւ ինչո՞ւ դադրեցանք մեր խազերը հասկնալէ, եւ ինչո՞ւ անոնք ցայսօր կը շարունակուին տպուիլ հրատարակուած շարակնոցներու միջոցաւ։ Յատուկ ուշադրութիւն կ՚ընծայենք խազից ԺԹ. դարու օգտագործման եւ Եղիա Տնտեսեանի հետազօտութեանց, որոնք մեծ կարեւորութիւն ունին մեր ներկայ եղանակներուն ծագման լուսաբանման համար։ Պիտի ջանանք ստուգել, թէ մեր եղանակները ինչպիսի փոփոխութիւններ կրած են դարերու ընթացքին, եւ պիտի ներկայացնենք մեր հայրերուն ստանձնած փորձերը՝ Միջին Բիւզանդական, Եւրոպական եւ Լիմօնճեանի ձայնագրական համակարգերու որդեգրման համար, ի խնդիր աւանդական եղանակաց անաղարտ պահպանման։ Խօսքը կ՚աւարտենք ապագայ հետազօտութեանց համար պտղաբեր ուղիներ մատնանշելով։ Դասախօսութիւնս պիտի համեմուի ձեռագրային նկարներով եւ երգուած նմոյշներով։ Դասախօսութիւնը տեղի ունեցաւ առցանց, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայոց Առաջնորդարանի հրաւէրով։ Շնորհակալ եմ Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Նաւասարդեանի եւ Բրշ. Նշան Սրկ. Պասմաճեանի։