Русские видео

Сейчас в тренде

Иностранные видео


Скачать с ютуб Եթէ սրտիդ կարեւորութիւն չ՚տաս,ուղեղդ շատ պիտի տուժուի в хорошем качестве

Եթէ սրտիդ կարեւորութիւն չ՚տաս,ուղեղդ շատ պիտի տուժուի 3 месяца назад


Если кнопки скачивания не загрузились НАЖМИТЕ ЗДЕСЬ или обновите страницу
Если возникают проблемы со скачиванием, пожалуйста напишите в поддержку по адресу внизу страницы.
Спасибо за использование сервиса ClipSaver.ru



Եթէ սրտիդ կարեւորութիւն չ՚տաս,ուղեղդ շատ պիտի տուժուի

քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ խօսեցաւ մարդ արարածի համար ամենադժուար տանելի երեք բաներու մասին. լեզու, անուն կամ համբաւ եւ հարստութիւն: Ապա մեկնեց օրուան աւետարանական հատուածը, ուր կը խօսուէր հարստութեան մասին եւ ըսաւ թէ կարեւորը ոչ թէ նիւթականով, այլ Աստուծմով հարուստ ըլլալն է: Իսկ օրուան Աւետարանական հատուածը կ’ուսուցանէ ուղիղ գործածել հարստութիւնը: Մենք մեր հարստութիւնները լաւ պէտք է հաւասարակշռենք եւ գործածենք: Մարդուս մեծագոյն հարստութիւնն է միտքը: Միտքով կը հաւասարաշռէ ամէն ինչ՝ իր հարստութենէն ուրիշներուն բաժին հանելով: Աստուած կու տայ մեզի հարստութիւնը եւ անոր փոխարէն կ’ուզէ, որ մենք տանք մեր տասանորդը: Աստուծոյ մեզի տուածին տուրքն է տասանորդը: Կեանքը գեղեցկացնելու լաւագոյն ճամբան է մեր ունեցուածքը բաժնել, ուրիշներուն եւս բաժին հանել: Այսօր ի մի հաւաքուելու նպատակն է աջակցիլ Ֆերիգիւղի Մերամէթճեան Վարժարանին եւ գոցել անոր պիւտճէի բացը: Նորին Ամենապատուութիւնը խօսեցաւ Հայ դպրոցի կարեւորութեան մասին: Այս կարեւորութեան պատճառաւ է, որ անհրաժեշտ է բաց պահել մեր վարժարանները: Նորին Ամենապատուութիւնը տնօրէն Մարալ Էօզտաղի անձին մէջ գնահատեց Մերամեթճեան Վարժարանի ուսուցչաց կազմը եւ ուսանողութիւնը, Մանուկ Էօղէրի գլխաւորութեամբ թաղային խորհուրդը եւ տարուած աշխատանքը ու շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ.ն: Գնահատեց Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս Երգչախումբը, որ Սիպիլ Արսէնեանի մականին ներքեւ երգեցողութիւնները կատարեց: Մեր Հոգեւոր Պետը մասնաւորաբար շնորհաւորեց Յովսէփ Գույումճեանի մականին ներքեւ կազմուած մանկանց եւ երիտասարդաց երգչախումբը:

Comments